Հասարակություն 14:55 24/09/2013

Արամ Ա. «Յաջողութեան ճամբան կը սկսի ինքնաքննադատութեամբ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկոյ վեհափառ հայրապետին պատգամը Եպիսկոպոսաց ժողովին: Այն տրամադրել է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատվական համակարգը:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանը: Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական ջերմ սիրով կÿողջունենք հայ եկեղեցւոյ Գերաշնորհ արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, որոնք հաւաքուած են Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հրաւէրով երկու Վեհափառ Հայրապետներուն, անոնց օրհնութեամբ ու ներկայութեամբ միասնաբար աղօթելու, միասնաբար խորհրդակցելու եւ որոնելու հայ եկեղեցին դէպի ներքին բարեկարգութիւն առաջնորդող ազդու միջոցներն ու ճիշդ ճամբաները:

Արդարեւ, պատմական կարելի է որակել եպիսկոպոսաց ներկայ ժողովը. Պատմական` մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը ներկայացնող իր հանգամանքով, պատմական` բազմազան ու այլազան մարտահրաւէրներով լեցուն մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքի ներկայ վճռական հանգրուանին իր կայացումով, պատմական` մանաւանդ իր առաջադրած վեհ նպատակով: Արդ, ա°յս պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ հարկ է մօտենալ ներկայ ժողովին: Մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ փայլուն նոր էջ մը բանալու յանձնառութեամբ հարկ է մասնակից դառնալ Եպիսկոպոսաց Ժողովի աշխատանքներուն:

Եօթերորդ դարուն Ներսէս Գ. Իշխանցի Կաթողիկոս Վարդավառի տօնին խորապէս կը վրդովի ի տես եկեղեցիէն ներս կատարուող աններդաշնակ ծիսակատարութեան: Այս դառն փորձառութիւնը, Հայրապետը կը մղէ գումարելու Դուինի երկրորդ ժողովը, 648–ին, եւ հաստատելու շարք մը կանոններ հայ եկեղեցւոյ ծիսական, բարոյական ու դաւանաբանական մարզերուն առնչուած: Եթէ այսօր Ներսէս Գ. Իշխանցի Կաթողիկոսը երկինքէն իջնելով շրջէր մեր եկեղեցիներէն ներս, վստահաբար դա°րձեալ պիտի ընդվզէր տեսնելով մեր եկեղեցւոյ պարզած վատառողջ վիճակը...:

Պատմութեան ընթացքին մեր հայրապետներուն կողմէ եղան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ հայ եկեղեցին բարեկարգելու առաջնորդող: Մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը լեցուն է եկեղեցւոյ կեանքի զանազան բնագաւառներուն առնչուած կանոններով, սկզբունքներով եւ ուսուցումներով: Սակայն այնքան արմատական ու արագ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան ընկերութեան կեանքին մէջ, որ այսօր, փաստօրէն հսկայ վիհ մը գոյացած է մեր հայրերու հաստատած կանոններուն ու ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն միջեւ: Մեր պատմութեան վերջին դարերու պայմանները, երբ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած էր, չներեցին, որ մեր եկեղեցին լծուի բարեկարգչական ծրագրուած ու համապարփակ աշխատանքի: Այսօր, հազար փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզի այս եզակի պատեհութիւնը ընծայեց երկու Վեհափառ Հայրապետներուն նախաձեռնութեամբ ու առաջնորդութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն մասնակցութեամբ լծուելու ծիսական բարեկարգութեան այնքան հրամայական գործընթացքին:

Ի՞նչ կը հասկնանք «բարեկարգութիւն» ըսելով.– սոսկ անցեալի աւանդութեանց վերականգնո՞ւմը, մեր եկեղեցւոյ ծիսական կարգին վերադասաւորո՞ւմը կամ կրճատո՞ւմը, լոկ լեզուի փոփոխութիւնը, եւ կամ ծիսական նոր համակարգի մը հաստատումը` մեր կեանքին ներկայ դրուածքին պատշաճող: Հարցադրումներ, որոնք պէտք է կատարուին իրապաշտ մօտեցումով. հարցեր, որոնք պէտք է քննարկուին քննական ոգիով Եպիսկոպոսաց Ժողովի ծիրէն ներս:

Մեր հայեցողութեամբ, բարեկարգութիւնը ըստ էութեան պէտք է ըմբռնել որպէս եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան, վկայութեան ու առաքելութեան վերարժեւորումը, վերանորոգումը ու վերակենսաւորումը: 1961–ին Կաթոլիկ եկեղեցին գումարեց Վատիկանի Երկրորդ Ժողովը` եկեղեցին նոր ժամանակներու պատշաճեցնելու ու բարեկարգելու (Յովհաննէս 23 Պապին բառով` աճիօրնամէնթօ) առաջադրութեամբ: Արդարեւ, եկեղեցին կը վերածուի թանգարանի, եթէ չվերանորոգուի: Եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը ու վերանորոգումը պէտք է սկսի ծէսով, որովհետեւ եկեղեցւոյ կեանքի բոլոր տարածքներուն, բնագաւառներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ, ներառեալ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութիւնը ու դաւանաբանական ուսուցումները, ծէսը կեդրոնական տեղ ու առանցքային դեր ունի:

Անհրաժեշտ է սակայն, որ մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը բարեկարգելու ձգտող մեր աշխատանքը կատարուի մեր եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան խորքին վրայ: Արդարեւ, ոմանք հայ եկեղեցին կը նկատեն լոկ հոգեւոր կառոյց, ուրիշներ` ազգային հաստատութիւն: Աշխարհականներու գործօն ներկայութիւնը մեր եկեղեցիէն ներս ոմանք տարօրինակ կը գտնեն, ուրիշներ` բնական. ոմանք հոգեւորականներու ազդու դերակատարութիւնը կը նկատեն դրական, ուրիշներª անընդունելի: Այս հակադիր մօտեցումները տեսական կամ պարագայական չեն: Անոնք սերտօրէն առնչուած են մեր եկեղեցւոյ պատմական զարգացման հոլովոյթին: Այսպէս, Արեւելեան Հայաստանի մէջ, պոլոժէնիայի հաստատումով եւ հետագայ քաղաքական պայմաններու յառաջացումով, մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ հոգեւորականը գրաւեց առանցքային տեղ: Իսկ Կիլիկիոյ մէջ, Ազգ. Սահմանադրութեան հաստատումով եւ սփիւռքեան բոլորովին տարբեր պայմաններու ստեղծումով եկեղեցւոյ կեանքին մէջ աշխարհական դասը դարձաւ կարեւոր ներկայութիւն:

Հայ եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան այս տարբեր շեշտաւորումները, որոնք նաեւ ձեւաւորեցին տարբեր գործելակերպեր ու մտածելակերպեր, անհրաժեշտ է որ ներդաշնակուին պատմութեան ընթացքին կազմաւորուած մեր եկեղեցւոյ հարազատ ինքնաճանաչման հետ, որ իր մէջ կը պարփակէր մեր ժողովուրդի ամբողջականութիւնըª հոգեւորականը ու աշխարհականը իրենց իւրայատուկ դերերով: Այս իրողութենէն մեկնելով Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգչական բոլոր ժողովներուն, հոգեւորականներու կարգին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ մտաւորականներ, նախարարներ ու նոյնիսկ զօրավարներ: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցութիւնը ներկայ գործընթացքին, յատկապէս երբ մեր ժողովուրդին կեանքին հետ անմիջականօրէն աղերս ունեցող հարցերու քննարկումը կը կատարուի, կը նկատենք հրամայական: Մեր ժողովուրդը իր եկեղեցին յուզող հարցերուն նկատմամբ ըսելիք եւ ընելիք ունի, պէտ է ունենայ:

Մեր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին անհրաժեշտ է նաեւ նկատի ունենալ հետեւեալ կաեւոր երեւոյթը: Պայմաններու պարտադրանքով, մեր եկեղեցւոյ հաստատութենական ու վարչակազմակերպչական երեսը աւելի շեշտուեցաւ` ի հեճուկս անոր ժողովրդակեդրոն նկարագրին ու ազգային դերը լուսարձակի տակ առնուեցաւ` ի հեճուկս անոր հոգեւոր միջուկին: Անկասկած, ընկերութեան կեանքին մէջ ինքզինք արտայայտող եկեղեցին կարիքը ունի վարչակազմակերպչական դրութեան, ինքնարտայայտման կերպերու ու իր գոյատեւումը ապահովող կառոյցներու: Սակայն եկեղեցին իր էութեամբ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով ու ճշմարտութիւններով շաղախուած ժողովուրդի համայնական կեանքն է: Եկեղեցի շինելը բնականաբար կարեւոր է, սակայն եկեղեցի դառնալը շատ աւելի կարեւոր է: Հո´ս է եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառը, անոր առաքելութեան կիզակէտը: Հետեւաբար, եկեղեցւոյ կեանքին առնչուած ոեւէ մէկ դրութիւն, կառոյց կամ երեւոյթ, ներառեալ ծէսը ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ չէ: Եկեղեցւոյ ինքնաարտայայտութեան կերպերը պէտք չէ շփոթել եկեղեցւոյ կոչումին հետ: Եկեղեցին աստուածատուր առաքելութիւն է իր գոյութեամբ ու էութեամբ, իր ծառայութեամբ ու կոչումով: Մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ հոգեւոր ու ազգային տարածքները պէտք է սերտօրէն ներդաշնակուին: Մեր աշխատանքին յստակ նպատակը պէտք է ըլլայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերակենսաւորել ու զայն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենսագործել: Այս հեռանկարով կ’ուզենք ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.–

1) Անհրաժեշտ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը վերածել հաւաքական գործընթացքի, ո°չ սոսկ հերթական նիստեր գումարող մնայուն կառոյցի, հարկ եղած պարագային մասնակցութեամբ նաեւ մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական այլ աստիճաններու պատկանող հոգեւորականներուն, նո´յնիսկ աշխարհական մասնագէտներուն` համաձայն քննարկուելիք նիւթերու բնոյթին ու տարողութեան: Յիշեալ գործընթացքին հիմնական աշխատանքը պէտք է կատարուի մասնագիտական յանձնախումբերու կողմէ, ուր ուսումնասիրութիւններու ու քննարկումներու կողքին յատուկ տեղ պէտք է յատկացուի մեզ շրջապատող ներկայ պայմաններէն եկող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:

2) Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ անցեալի աւանդութիւններուն` միաժամանակ զանոնք դարձնելով համահունչ ներկայ ժամանակներուն: Աւանդութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կենսական է. ան ժողովուրդի մը ներքին ապրումներուն ու ձգտումներուն արտայայտութիւնն է, ուր մշակոյթը ու միջավայրը բնականաբար իրենց կարեւոր դերը ունին: Ձեր հայրերու աւանդութիւնը պինդ բռնեցէք (2 Թես. 2. 15), կ’ըսէ Առաքեալը: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ աւանդապահ սակայն ո°չ աւանդամոլ: Անհրաժեշտ է մեր աւանդութիւնները վերանորոգել ու ձեւաւորել այնպիսի կերպով, որ դառնան ներդաշնակ մեր ներկայ իրականութեան:

3) Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ համաքրիստոնէական արժէքներուն, սկզբունքներուն ու աւանդութիւններուն` միաժամանակ ըլլալով նախանձախնդիր հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ ինքնութեան: Ա´յս սկզբունքէն մեկնելով իրենց ուղղութիւնը առած են մեր եկեղեցւոյ բոլոր բարեկարգչական շարժումները, մեր հայրերու որդեգրած դաւանաբանական կեցուածքները եւ ծաւալած աստուածաբանական երկխօսութիւնները օտար եկեղեցիներուն հետ: Ներկայ ժամանակներուն, երբ մեր եկեղեցին ամէնօրեայ յարաբերութեան մէջ է այլ եկեղեցիներու հետ, անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական ու դաւանաբանական մարզերուն առնչուած իւրայատկութիւնները պահենք անխախտ, միաժամանակ ամուր պահելով մեր համաքրիստոնէական արմատները:

4) Անհրաժեշտ է հաւատարիմ մնալ հայ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու միութեան անվթար պահպանման` միաժամանակ ոչ–հիմնական հարցերուն գծով զգայնութիւն ու ճկունութիւն ցուցաբերելով տեղական իւրայատուկ պայմաններուն նկատմամբ: Այսօր երբ մէկը շրջագայի մեր եկեղեցիներէն ներս, ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ ակնյայտ հակասութիւններու ու տարբերութիւններու` յատկապէս արարողական ձեւերուն, ծիսական աւանդութիւններուն ու երաժշտական եղանակներուն կապուած: Արդարեւ, տասնամեակներու ընթացքին իւրաքանչիւր Նուիրապետական Աթոռ, իւրաքանչիւր առաջնորդ, նոյնիսկ իւրաքանչիւր ծխատէր քահանայ իր «բարեկարգութիւն»ը կատարած է, եւ ընդհանրապէս պարագայական կերպով, այսպէս ստեղծելով խառնաշփոթ կացութիւն մեր եկեղեցիէն ներս: Հայ եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ ներկայութիւնը եւս իր ժխտական հետեւանքները ունեցած է այս ուղղութեամբ: Արդ, անհրաժեշտ է կատարել յստակեցում, սրբագրում, դասաւորում ու զտումª մեր եկեղեցւոյ ամբողջականութիւնը վերաշեշտող:

Յաջողութեան ճամբան կը սկսի ինքնաքննադատութեամբ: Մեր վէրքերը ճիշդ տեսնելու եւ ցաւերը ճիշդ զգալու քաջութիւնը պէտք է ունենանք: Սակայն, սիրելի´ Սրբազան հայրեր, միաժամանակ պէտք է ըլլալ իրապաշտ: Հայ եկեղեցւոյ ծիսական կեանքէն ներս խոր արմատներ նետած թերութիւններու սրբագրումը, ինչպէս նաեւ հինին վերանորոգումը կը կարօտի երկար, տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքի: Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ կատարուելիք աշխատանքէն շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ առնուած որոշումներուն գործադրութիւնը թեմական եւ ծխային մակարդակներու վրայ: Հետեւաբար, դիւրին աշխատանքի չէ որ կը ձեռնարկենք: Պէտք չէ սակայն յուսալքուինք: Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ զօրացած, մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ մեր ունեցած յանձնառութեամբ ամրապնդուած ու եղբայրական ջերմ սիրով գօտեպնդուած միա°սնաբար պիտի լծուինք այս նուիրական աշխատանքին` վերանորոգ հաւատքով եւ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ: Ա´յս կը սպասէ մեզմէ մեր եկեղեցին:

Նախորդող հրապարակումներ`

Մայր Աթոռում մեկնարկել է Հայաստանյաց Առաքելական Ս. Եկեղեցու Եպիսկոպոսաց ժողովը

Սերժ Սարգսյան. Այսօր առավել, քան երբևէ մեզ անհրաժեշտ է ամրացնել հոգևոր արժեքները

Ցեղասպանության զոհերը` սրբերի դասում. Եպիսկոպոսաց ժողովը կորոշի սրբադասման կարգը



Աղբյուր` Panorama.am
Share |
Տեքստում սխալ կամ վրիպակ նկատելու դեպքում, ուղարկեք խմբագրին հաղորդագրություն` նշելով տվյալ սխալը, այնուհետև սեղմելով Ctrl-Enter:

Լրահոս

10:08
Բեռնատար ինքնաթիռն ընկել է Լիտվիայի մայրաքղաքի բնակելի տների վրա
Վիլնյուսում վթարի ենթարկված DHL բեռնատար ինքնաթիռն այնտեղ էր թռչում Գերմանիայից։ lenta.ru-ի փոխանցմամբ,այդ տեղեկությունն առկա է FlightAware...
Աղբյուր` Panorama.am
10:04
Հոլանդին սպառնում է ազատազրկում
«Մանչեսթեր Սիթիի» և Նորվեգիայի հավաքականի հարձակվող Էրլինգ Հոլանդը Շվեյցարիայում կարող է դատապարտվել մեկօրյա ազատազրկման՝ 60...
Աղբյուր` Panorama.am
09:54
Հայաստանի իշխանությունը ներկայացնող հատվածն աջակցեց ադրբեջանական իշխանություններին. Աբրահամյան
«Ադրբեջանին գովերգող եվրոպացի շատ չինովնիկներ առհասարակ մոռացության տվեցին Բաքվի բանտերում գտնվող հայ գերիներին»:
Աղբյուր` Panorama.am
09:48
Նախավերջին խաղափուլից առաջ առաջատարների շարքում է շախմատիստ Տիգրան Համբարձումյանը
Շախմատի աշխարհի 8-12 տարեկան պատանիների և աղջիկների առաջնություն
Աղբյուր` Panorama.am
09:26
Վանաձորում մեքենա է այրվել
Լոռու մարզային փրկարարական վարչության ճգնաժամային կառավարման կենտրոն նոյեմբերի 25-ին, ժամը 04:10-ին ահազանգ է ստացվել, որ Վանաձոր քաղաքի Բաթումի...
Աղբյուր` Panorama.am
09:15
Նոյեմբերի 25-ին փոխանակման կետերում դոլարի և եվրոյի փոխարժեքներն աճել են, ռուբլունը՝ նվազել
ՀՀ բանկերում այսօր՝ նոյեմբերի 25-ին ժամը 09:00-ի դրությամբ, ԱՄՆ դոլարի առքի միջին փոխարժեքը կազմում  է 387.83 դրամ՝ նախորդ օրվա վերջի...
Աղբյուր` Panorama.am
09:13
Սյունիքի բարձրադիր գոտիներում մառախուղ է
Փրկարար ծառայությունը տեղեկացնում է, որ ՀՀ տարածքում կա փակ ավտոճանապարհ: Փակ է Արագածոտնի մարզում «Ամբերդ» բարձր լեռնային...
Աղբյուր` Panorama.am
09:03
Ուրեմն սա մեր մահը չէ.Անթալիայում այրվող ռուսական ինքնաթիռից բախչող ուղևորներ
Թուրքիայի Անթալիայի օդանավակայանում վայրէջք կատարելիս ռուսական Azimut ավիաընկերության ինքնաթիռում հրդեհ է բռնկվել։ Այս մասին հայտնում է...
Աղբյուր` Panorama.am
09:01
Ցերեկվանից սկսած ջերմաստիճանը կնվազի
Երևանում նոյեմբերի 28-ի ցերեկը, 29-ին սպասվում է առանց տեղումների եղանակ։ Նոյեմբերի 25-27-ին, 28-ի գիշերը սպասվում են տեղումներ։...
Աղբյուր` Panorama.am
08:55
Վրաստանի խորհրդարանում այսօր անվտանգության ուժեղացված միջոցառումներ են նախատեսված
Վրաստան ի խորհրդարանում այսօր նշանակված է 11-րդ գումարման նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստը։ Վրացական ԶԼՄ-ների փոխանցմամբ, այդ առթիվ սահմանված է...
Աղբյուր` Panorama.am
08:38
Նոյեմբերի 25-ի հոսանքազրկումների մասին
«Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» փակ բաժնետիրական ընկերությունը տեղեկացնում է, որ նոյեմբերի 25-ին պլանային նորոգման աշխատանքներ...
Աղբյուր` Panorama.am
23:35
Թբիլիսիում ցուցարարների հետ բախումներ են տեղի ունեցել
Թբիլիսիում, խորհրդարանի շենքի մոտ, որտեղ բողոքի ակցիա էր ընթանում խորհրդարանական ընտրությունների արդյունքների դեմ, ծեծկռտուք է տեղի ունեցել...
Աղբյուր` Panorama.am
22:25
ՀՀ-ում Ֆրանսիայի դեսպանը X-ի միկրոբլոգում հրապարակել է Իրանի Արևմտյան Ատրպատական (Ադրբեջան) նահանգի քարտեզը
Օլիվիե Դըկոտինյին հրապարակել է ՀՀ-ում Ֆրանսիայի դեսպան Օլիվիե Դըկոտինյին X-ի միկրոբլոգում հրապարակել է Արևմտյան Ատրպատականի (Ադրբեջան) նահանգի...
Աղբյուր` Panorama.am
21:15
Թբիլիսիում կարմիր ներկ են լցրել Չեխոսլովակիայում 1989 թվականի թավշյա հեղափոխությանը նվիրված պաստառների վրա
Թբիլիսիում անհայտ անձինք կարմիր ներկ են լցրել Չեխոսլովակիայում 1989 թվականի թավշյա հեղափոխության 35-ամյակին նվիրված պաստառների վրա։...
Աղբյուր` Panorama.am
21:00
Պուտինը և Էրդողանը հեռախոսազրույց են ունեցել
Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Պուտինը հեռախոսազրույց է ունեցել իր թուրք գործընկեր Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանի հետ և նրա հետ քննարկել երկկողմ օրակարգի...
Աղբյուր` Panorama.am
20:41
ՀՀ ԱԺ-ն ինչ-որ մեկի «հոր դուքյանը» չի. Ալեն Սիմոնյանը
Ալեն Սիմոնյանը Տելեգրանի իր ալիքում անդրադարձել է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լևոն Քոչարյանի հնչեցրած մտահոգություններին,...
Աղբյուր` Panorama.am
20:30
Կանանց երթի մասնակիցները ճամպրուկներ են լցրել Իվանիշվիլու նստավայրի մոտ
Կիրակի օրը մեկնարկած կանանց երթը հասել է Վրաստանում իշխող կուսակցության հիմնադիր, միլիարդատեր Բիձինա Իվանիշվիլիի նստավայր, որտեղ մասնակիցները...
Աղբյուր` Panorama.am
19:16
Դեսպանը ասել է, թե ինչպես է Թուրքիան օգնել Ուկրաինային
Թուրքիայում Ուկրաինայի դեսպան Վասիլի Բոդնարը հայտարարել է, որ Թուրքիայի կողմից ռազմանավերի անցման համար Բոսֆորի և Դարդանելի նեղուցների փակումը...
Աղբյուր` Panorama.am
19:02
Մայր Աթոռում կատարվել է Քահանայական ձեռնադրություն
Մայր Աթոռից հայտնում են, որ այսօր կատարվել է Քահանայական ձեռնադրություն։ «Նոյեմբերի 24-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագույն...
Աղբյուր` Panorama.am
18:55
Սարատովի մարզում կրակոցների հեղինակը հայազգի գործարար է, կա մեկ զոհ
Միջադեպը տեղի է ունեցել Սարատովի Պոբեդա փողոցի տարածքում։ Կայքի զրուցակցի խոսքով՝ երկու մեքենաների վարորդների միջև ճանապարհատրանսպորտային...
Աղբյուր` Panorama.am
18:00
Վրաստանի խորհրդարանի մոտ պատրաստվում է ընդդիմության հանրահավաքի հարթակ
Վրաստանի խորհրդարանի շենքի մոտ կառուցվում է հարթակ՝ երեկոյան սպասվող ընդդիմության հանրահավաքի համար, որը համաձայն չէ խորհրդարանական...
Աղբյուր` Panorama.am
17:08
Գազալցակայաններից մեկից դեպի հիվանդանոց 33-ամյա տղամարդը ճանապարհին մահացել է
 Նոյեմբերի 24-ին, ժամը 12:50-ի սահմաններում ՀՀ Ներքին գործերի նախարարության Ոստիկանության համայնքային ոստիկանության գլխավոր վարչության...
Աղբյուր` Panorama.am
16:29
Ֆրանսիայում Բրոնի համայնքապետարանի մոտ բացվել է Մեղրի քաղաքի պուրակը
Սյունիքի մարզպետարանիեց հայտնում են. «Ֆրանսիայում  կայացած «Օվերն-Ռոն-Ալպ-Հայաստան - Սյունիք բարեկամության օր»...
Աղբյուր` Panorama.am
16:18
Երկրում բարդակը էն աստիճանի է հասել, որ «փաստաբանը» գլուխ է գովում, թե նռակով ավազակային գործողություն արածը չի կալանավորվել. Չախոյան
Հանրային գործիչ Արթուր Չախոյանը Թելեգրամում գրում է. Երկրում տիրող բարդակը էն աստիճանի է հասել, որ «փաստաբանը» գլուխ է գովում,...
Աղբյուր` Panorama.am
16:05
Ով կկարողանա վերահսկել Կենտրոնական Ասիան, նա կտիրապետի ողջ աշխարհին. Ստեփան Դանիելյան
Քաղաքագետ Ստեփան Դանիելյանը ֆեյսբուքհաբ տեսանյութ է հրապարակոլ, որում ասվում է. «Հայաստանի ճակատագիրը միշտ փոխկապակցված է եղել...
Աղբյուր` Panorama.am
15:16
Երբ. Աննա Հակոբյանը խոսում է ինքնությունից ու գիտելիքից
Աննա Հակոբյանը գրում է. «Պարզվում է երեք սոցիալական էջերով միասին վերցրած մեկ ամսվա ընթացքում ես 17-18 միլիոն դիտում կարող եմ ունենալ։...
Աղբյուր` Panorama.am
15:09
Առաջիկա շաբաթվա ընթացքում ինչքան կիջնի օդի ջերմաստիճանը
ՇՄՆ «Հիդրոօդերևութաբանության և մոնիտորինգի կենտրոն» ՊՈԱԿ-ից հայտնում են, որ օդի ջերմաստիճանը նոյեմբերի 25-ի ցերեկը, 26-28-ն...
Աղբյուր` Panorama.am
14:26
Կա նախնական վարկած ՆԳՆ ոստիկանության ռազմականացված ջոկատի պետի մահվան վերաբերյալ
ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանության պետական պահպանության գլխավոր վարչության (ՊՊԳՎ) Նոր Նորքի պահպանության բաժնի ռազմականացված ջոկատի պետ Անդրեյ Վերանյանը...
Աղբյուր` Panorama.am
14:05
Ապագան հասավ Գեղարքունիքի բժշկական ամբուլատորիաներ. Անուշ Պողոսյան
«Առողջության իրավունք իրավապաշտպան» ՀԿ համահիմնադիր Անուշ Պողոսյանը գրում է. Ապագան հասավ գեղարքունիքի բժշկական ամբուլատորիաներ։...
Աղբյուր` Panorama.am
13:54
Խոշոր ավտովթարի ժամանակ վիրավորվել է Ֆրանսիայի դեսպանատան աշխատակիցը
Նոյեմբերի 24-ին, ավտովթար է տեղի ունեցել Արագածոտնի մարզում։ Ժամը 10:50-ի սահմաններում Երևան-Վանաձոր ավտոճանապարհի Հարթավան գյուղի վարչական...
Աղբյուր` Panorama.am

Տեսանյութեր

Դուք մասնակից եք դարձել պետականության կործանմանը. Բագրատ Սրբազանը՝ ՔՊ-ականներին
13:31 23/11/2024

Դուք մասնակից եք դարձել պետականության կործանմանը. Բագրատ Սրբազանը՝ ՔՊ-ականներին

Հետևեք մեզ և ծանոթացեք թարմ լուրերին!

Ամենից շատ կարդացված նյութեր

{"core.blocks.header.spell_message1":"\u0546\u0577\u057e\u0561\u056e \u057d\u056d\u0561\u056c\u0568` ","core.blocks.header.spell_message2":"\u0548\u0582\u0572\u0561\u0580\u056f\u0565\u055e\u056c \u0570\u0561\u0572\u0578\u0580\u0564\u0561\u0563\u0580\u0578\u0582\u0569\u0575\u0578\u0582\u0576 \u057d\u056d\u0561\u056c\u056b \u0574\u0561\u057d\u056b\u0576:"}