Սիրիահայ մոր մտորումները. Ու՞ր մնացին մեր երազանքները տեսնել մեր երեխաները երաժշտական դպրոցներուն մէջ հմտացած…
Սօսի Տապպաղեան կը գրէ՝
«Այս պատերազմը ի՞նչ հետեւանքներ պիտի թողու մեր երեխաներուն ապագայ ապրելավարքին վրայ, երբ ամէնուրեք վայրագութիւն կը տեղայ:
Ամէնէն մատղաշ տարիքին անոնք զէնքերու շաչիւններուն տակ կը քնանան եւ ռումբերու պայթումներու ցնցումներէն կ՛արթննան: Անոնց անմեղ շուրթերէն ահաւոր եւ սարսափազդու բառեր դուրս կու գան:
Ու՞ր մնացին մեր երազանքները տեսնել մեր երեխաները երաժշտական դպրոցներուն մէջ հմտացած կամ մարզական դաշտերուն մէջ մէյ-մէկ կենսուրախ խաղացողներ եւ կամ գէթ գրասեղաններուն ետին նստող՝ թէկուզ ծանրաբեռնուած դասերով:
Կաղանդը կը մօտենայ: Թող այս տարի կաղանդ պապուկը ի՞նչ նուէրներ բերէ ձեզի.- հարց կու տամ մանչերուս: Եւ անշուշտ ճիշդ կ՛անխագուշակած կ՛ըլլամ իրենց փափաքը՝ զէնք եւ մանր զինուորներով խաղալիք:
Յուզում կը պատէ սիրտս եւ պահ մը կը մտածեմ,որ արդեօք ճի՞շդ էին անոնք, որոնք գէթ ժամանակաւորապէս հեռացան երկրէն, իրենց մանուկներուն անմեղ հոգիները չպղծելու միտումով, այլ լուսաւոր պահելու անոնց պայծառ մտքերն ու անբիծ սրտերը:
Ապագայի անորոշութիւնն ու մթութիւնը կը յոգնեցնէ զիս: Սակայն չեմ կամենար որեւէ չար պատահարի մասին մտածել:
Բարի յոյսը դեռ չէ մեռած, բարեբախտաբար, սպասումի մէջ ենք բոլորս, միա՛յն թէ այն չուշանայ ու այլեւս ազատ շնչէ մեր Սուրիան»:
Գրառումը վերցված է Հալեպահայեր (Aleppo Armenians) ֆեյսբուքյան էջից:
Լրահոս
Տեսանյութեր
Թովմասյանը՝ Նանուշյանին. Նշել եք՝ ծրագրի իրականացումը պայմանավորված է օրենքով, բայց օրենքը չկա