Սիրիահայ տղամարդու մտորումները. Այս պահուն ամենէն կարեւորը ճակտի քրտինքով հաց վաստկելու մտածումին տարածումն է
Ֆեյսբուքյան Հալեպահայեր էջը հրապարարակել է սիրիահայ Կարո Հովհաննիսյանի մտորում-գրառումը:
Կարօ Յովհաննէսեան կը գրէ՝
Ծուռ նստինք, շիտակ խօսինք:
Հայաստանի մէջ հաստատուած Սուրիահայերուն ամենէն մեծ հարցը գործի փնտռտուքն է: Անոնց մէջ շատեր արհեստով ոսկերիչներ են: Չէ՞ք կարծեր որ այս մեր սխալն է: 90ական թուականներուն վարակիչ հիւանդութեան նման տարածուեցաւ ոսկերչութեան գործը Հալէպի հայերուն մօտ եւ երիտասարդներուն վաթսուն տոկոսը այդ գործին փարեցաւ:
Ընտանիքները մեծ դեր ունեցան այս ընտրութեան մէջ: 14-16 տարեկան պատանիներուն մայրերը չուզեցին իրենց զաւակները հայրերու մեքանիսեան (ավտոնորոգումի) գործին մղել, որ ձեռային նուաստ գործ մը սկսաւ նկատուիլ եւ այդ արհեստը կամաց-կամաց հայերուն ձեռքէն սկսաւ դուրս գալ: Փոխարէն՝ ոսկերչութիւնը տարածուեցաւ: Երիտասարդութեան այդ տոկոսը մնաց անուս եւ ենթակայ ոսկերչական գործի վերիվայրումներուն: Այդ երիտասարդները մեծ դժուարութեան պիտի մատնուին ուր որ ալ գտնուին՝ Երեւան կամ այլուր: Անոնց մէջ հպարտութիւն կայ եւ տրամադրութիւն չկայ այլ գործ սորվելու կամ ձեռնարկելու:
Այս պահուն ամենէն կարեւորը ճակտի քրտինքով հաց վաստկելու մտածումին տարածումն է: 90ական թուականներուն եթէ ոսկերչութիւն ընելը ամենէն նպաստաւոր գործն էր, այսօր այլ գործեր մէջտեղ եկած են: Ուրեմն պէտք է յարմարիլ, ուղեղ աշխատցնել, շապիկին թեւերը ծալլել եւ գործի սկսիլ:
Այսօր այս է մեր հայրենիքը, մեզմէ իւրաքանչիւրը կէտ մըն է հոն, եւ լաւագոյն ձեւը գոյատեւելու համար յարմարիլն է: Հայրենիքը մեզի պէտք չէ յարմարցնենք այլ մենք պէտք է յարմարինք անոր: