Սիրիահայի մտորումներ. Ինչպես դուրս գալ Հալեպից
Հալեպահայ Հրաչ Կալսահակյանը «Հալեպահայեր» ֆեյբուքյան խմբում ներկայացրել է ամեն պահ ռմբակոծվող քաղաքից դուրս գալու դժվարությունները:
«Ենթադրենք որ Հալէպահայ մը այսօր որոշեց Հալէպէն դուրս գալ: Առաջին հերթին պէտք է սուրիական անձնագիր ապահովէ, որ ընդհանրապէս քանի մը ամիս կը տեւէ եւ որոշ գումար կը պահանջէ:
Ապա պէտք է (Հայաստան գալու պարագային) հայկական վիզա ապահովէ, որ ներկայիս հնարաւոր չէ Հալէպէն, քանի որ համացանցը չի գործեր:
Անձը Պէյրութ հասնելու համար պէտք ունի 100-150 տոլար փոխադրածախս (ճանապարհը կը տեւէ 17 ժամ՝ անապահով շրջաններէ անցնելէ ետք): Լիբանան մտնելու պահուն պէտք է վճարէ 300 տոլար, որպէսզի կեցութեան իրաւունք ստանայ, որու ընթացքին պիտի կարենայ վիզա դիմել Պէյրութի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանութեան մօտ: Լիբանան մտնելու համար նաեւ անհրաժեշտ է ներկայացնել որոշ փաստաթղթեր, ինչպէս նաեւ լիբանանահպատակ անձի մը երաշխաւորութիւնը: Տարանցիկ մէկնողները կրնան Լիբանան մտնել առանց 300 տոլար վճարելու, պայմանով որ ունենան ամրագրուած օդանաւային տոմս, իսկ իրենց թռիչքը պէտք է տեղի ունենայ յաջորդող 48 ժամերու ընթացքին, այլապէս կը սպասեն Լիբանանեան սահմանին վրայ:
Պէյրութի մէջ կարելի է մէկ ննջարանով տուն վարձել 500-700 տոլարով: Հայկական վիզա ստանալու պարագային կարելի է Երեւան մեկնիլ 700-800 տոլար օդանաւային տոմս ապահովելէ ետք (ամառը աւելի թանկ կ'ըլլան այս գիները): Երեւան հասնելու պարագային կարելի է 200-400 տոլարի մէկ ննջարանով տուն գտնել (տեղին համեմատ): Սկզբնական շրջանին գործ կարելի է գտնել ամսական 150-200 տոլարով:
Թէ ինչպէ՞ս սուրիահայ մը պիտի վճարէ այս բոլորը հասնելու համար Երեւան, դժուար է երեւակայել: Այս օրերուն մէկ տոլարը կը հաշուէ 330 սուրիական լիրա: Այսինքն միայն լիբանանեան սահմանին վրայ վճարելիք 300 տոլարը կը հաշուէ 99.000 սուրիական լիրա, որ կը կազմէ ազգային վարժարան աշխատող ուսուցչի մը 4-6 ամսականը»,-գրել է նա: