Հալեպ. Աշակերտների խաղաղ օրերի ավտոբուսը դարձել է շտապ օգնության մեքենա
Հալեպ «Գանձասար» պարբերականը գրում է.
«Հալէպի պատերազմի հինգ տարիներու ընթացքին գաղութի ծառայասէր երիտասարդները հնարաւոր բոլոր կարելիութիւնները ստեղծեցին հասնելու հայ թէ արաբ աղէտահար ժողովուրդի բազում կարիքնրուն:
Ազգային Զաւարեան վարժարանի հանրակառքը, զոր խաղաղ օրերուն բազմաթիւ աշակերտներ կը փոխադրէր` վիրաւորներ փոխադրելու միջոց դարձաւ:
Պատերազմը փոփոխութեան ենթարկեց իրեր, վիճակներ, որոնց մէկ փաստն է նաեւ դպրոցական այս համեստ փոխադրակառքը: Անոր միջոցաւ պիտի փրկուէր հարիւրաւորներու կեանքը ու աշակերտական խանդավառ ճիչերուն փոխարէն շտապ օգնութեան ճչակին ձայնը պիտի տարածուէր Հալէպի փողոցներուն մէջ:
Վստահաբար ինքնաշարժը լիարժէքօրէն իր գործին պիտի չծառայէր եթէ չ՛ըլլար անոր վարորդը` փըրկարար Յակոբը: Յակոբ մէկն էր Նոր Գիւղի այն նուիրեալ տղոցմէ, որոնք ակումբէն ներս, ազգային դաստիարակութեամբ տոգորուած, խիզախութիւնը ունեցան յանձն առնելու վտանգաւոր բայց միաժամանակ շնորհակալ աշխատանքներ:
«Մենք մեր փոքր տարիքէն ակումբին մէջ սորվեցանք օգնել, ծառայել առանց փոխադարձ ակնկալոթեան: Սորվեցանք ըլլալ քաջասիրտ, յանձնառու եւ մեզի վըստահուած աշխատանքը ընդո¬նիլ որպէս առաքելութիւն եւ ոչ` պարտականութիւն: Նոր Գիւղի հայ տղաքը պայթիւններու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներուն հետեևանքով տոժած բնակչութեան առաջին փութացողը կ՛ըլլան առանց խտրութիւն դնելու անոնց միջեւ» ըսաւ Յակոբ:
Փոխադրակառքի յառաջամասը արդէն ցոյց կու տար, որ ան յաճախ շրջագայելով բախումնային թաղամասերու մէջ, հասած է փլատակներու տակ մնացած ծանր վիրաւորներու օգնութեան.
«Քանիցս աստուածային նախախնամութեան շնորհիւ փրկուեցանք դիպուկահարներէն, երբ թէժ շրջաններու մէջ վիրաւորներ եւ նահատակներ կը հանէինք փլատակներուն տակէն: Մինչեւ այսօր չեմ կրնար մոռնալ այն պահը, երբ դիպուկահարը հինգ անգամ կրակեց` թիրախ դարձնելով զիս, բայց բարեբախտաբար փամփուշտները կողքէս անցան եւ միայն ինքնաշարժը վնասուեցաւ», շեշտեց Յակոբ:
Ակումբի շտապ օգնութեան ինքնաշարժը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ոչ միայն հայերուն, այլեւ արաբ բնակիչներուն համար, որոնք խուճապահար դէպքերու եւ պայթիւններու պարագային առաջին հերթին կը դիմեն Նոր Գիւղի հայ տղոց եւ շտապ օգնոթիւն կը խնդրեն: Տեղին է յիշել, սուրիական հեռուստակայանի հաղորդման ընթացքիին նորգիւղաբնակ արաբ քաղաքացիի մը հետեւեալ արտայայտոթիւնը. «Երբ պայթիւնը տեղի ոնեցաւ որեւէ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ չհասաւ մզի օգնութեան, մեր ընտանիքը փլատակներուն տակէն ազատելու հասան միայն ակումբի հայ տղաքը, շտապ օգնութեան իրենց ինքնաշարժով»:
Կեանքեր փրկող այս փոխադրակառքը, թէեւ օժտուած չէ բժշկական արդիական սարքերով, սակայն ակումբի տղաքը ապահոված են շտապ օգնոթեան անհրաժեշտ բժշկական բոլոր պիտոյքները եւ ի հարկին առաջին բուժօգնութիւն կը կատարեն, մինչեւ վիրաւորին հիւանդանոց հասնիլը. «Միշտ կը փորձենք յուսադրել վիրաւորները, անոնց հետ կը վարուինք այնպէս ինչպէս մեր հարազատներուն հետ, մեր քոյրերուն, մեր մայրերուն, մեր եղբայրներուն: Շրջանի արաբ բնակիչները թէ՛զիս, որպէս անհատ, եւ թէ տղոց, որպէս քաջարի երիտասարդներ, միշտ կ՛օրհնեն ու իրենց անսահման երախտագիտութիւնը կը յայտնեն»:
Յակոբին համար հիմնականը այն չէր, թէ փոխադրակառքը վերածուած էր շտապ օգնութեան ինքնաշարժի, այլ Յակոբին վճռական որոշումը` մնալ Հալէպի մէջ, ապրելու համերաշխ բոլորին հետ, փըրկելու վիրաւորներն ու ծառայելու համայնքին` մինչեւ խաղաղութեան վերահաստատումը»:
Լրահոս
Տեսանյութեր
Հայաստանի ու հայ ժողովրդի շահերը պաշտպանող իշխանություն գոյություն չունի. Բագրատ Սրբազան