Վերջին օրերին ավելի քան 700 ընտանիք հեռանում են Հալեպից. Հարություն Սելիմյան
«Արևելք» պարբերականը գրում է. «Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի խօսքով, Հալէպի մէջ մնացած հայութեան համբերութիւնը յայտնուած է ծայր աստիճան բարդ դրութեան մը մէջ:
Վերապատուելին այս մասին խօսած է «Առաջին լրատուական» կայանին եւ յայտնած, որ անցնող օրերուն ամբողջ Հալէպը ու նաեւ անոր հայկական թաղամասերը ծանր հրթիռարձակումներու ենթարկուած են այսպէս կոչուած «խաղաղասէր» ընդդիմութեան կողմէ: Հալէպահայ հոգեւոր առաջնորդը նաեւ ըսած է, թէ ընդդիմադիր շրջանակներ բացայայտ օժանդակութիւններ կը ստանան Թուրքիայէն, եւ այդ մասին կը խօսին BBC կայանին նման հեղինակաւոր լրատուական միջոցներ:
Վերապատուելի Սէլիմեան նաեւ ըսած է, թէ հալէպահայութեան համբերութիւնը կը գտնուի շատ փխրուն դրութեան մը մէջ, եւ եթէ այս իրավիճակը շարունակուի, ապա շատ ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ հալէպահայութեան վրայ: Վերապատուելին նաեւ դիտել տուած է, թէ իր ունեցած տուեալներով վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին աւելի քան 700 ընտանիքներ հեռացած են Հալէպէն»: