Հալեպահայ գաղութի ղեկավարության դեմ հնչած մեղադրանքները ընդունելի չեն. Համբիկ Ճապաղջուրյան
«Հալէպահայութեան իրավիճակը սուր է: Եթէ գաղութային առումով տեղաշարժ պիտի ըլլայ, այդ միայն պետական մակարդակով կարելի է նախաձեռնել եւ իրագործել: Իսկ եթէ պետական մակարդակով բան մը չնախաձեռնուի, այսպէս ցիրուցան, այսպէս հատուկտոր, այսպէս միշտ տագնապալի իրավիճակի դէմ հանդիման կ′ըլլանք»,- «Արեւելք»-ին յայտնել է Համբիկ Ճապաղջուրեան, նշելով, որ հայ իրականութեան մաս կազմող ոչ մէկ կազմակերպութիւն, որքան ալ հզօր ըլլայ, գաղութ մը տեղաշարժի ենթարկելու կարողութիւն չունի:
Ան, անդրադառնալով սուրիահայութեան շուարած վիճակին, յայտնեց, որ եթէ պետական նախաձեռնութիւն եղած ըլլար, պետական մտահոգութիւն եղած ըլլար, հալէպահայութեան կամ սուրիահայութեան իրավիճակը, կամ նոյնիսկ նախապէս իրաքահայութեան իրավիճակը այսպէս ծանր պիտի չ′ըլլար:
«Անոնք, որոնք Հայաստան հասան, նուազագոյնը պէտք էր այնտեղ մնային: Այսօր պիտի ըսեն ամէն բան ըրինք, տրամադրեցինք, բայց ըստ երեւոյթին ո՛չ տրամադրուած էր, ո՛չ ալ գոհացուցիչ պայմաններ ստեղծուած էին»,-ըսաւ Ճապաղջուրեան, նշելով, որ բոլոր սուրիահայերը չեն, որ մեծ գործ նախաձեռնելու ի վիճակի են, անոնց մեծամասնութիւնը համեստ արհեստաւորներ են: «Գաղութին մեծամասնութիւնը համեստ արհեստաւորներ էին, որոնց տունն ու տեղը հիմա քանդուած է, որոնց հետ քանի մը հազար տոլար կար, շատ կարճ ժամանակի մէջ զեռոյի հասան, ստիպուած էին գաղթել: Հիմա նոյնն է պարագան: Ո՞վ ըսաւ, որ դրամատէր են: Ամէն մարդ, որ 10 միլիոն սուրիական արժողութեամբ տուն ունէր, այսօր այդ տան գինը 3 միլիոնի իջած է, այս գումարը հազիւ զինք Հայաստան հասցընէ, բայց ինչպէ՞ս պիտի ապրի»,- ըսաւ մեր խօսակիցը:
Մանրամասն՝ սկզբնաղբյուր կայքից:
Լրահոս
Տեսանյութեր
Թովմասյանը՝ Նանուշյանին. Նշել եք՝ ծրագրի իրականացումը պայմանավորված է օրենքով, բայց օրենքը չկա