Վիրաւոր Արագիլներու Կայարանը
Իր՝ Մուսա լեռան վիրավոր արագիլների մասին գիրը Խաժագ Այնթաբյանը նվիրել է Այնճարի 80 ամյակին։
Հայաստանի մէջ գրեթէ ամենուրեք արագիլներու բոյներ կան: Արագիլները այնտեղ շատ կարեւոր պարտականութիւն կը կատարեն ...
Անցեալ Օրը Խոր վիրապի ճամբուն վրայ խումբ մը արագիլներ տեսայ: Երիտասարդ զոյգ մը , Փոքրիկ երեխայի մը ձեռքերէն բռնած մօտեցաւ անոնցմէ մէկուն, սակայն փոքրիկը ուրախանալու փոխարէն վախցաւ ու լալու սկսաւ: Հայրը հանգստացուց փոքրիկին բացատրելով թէ արագիլը բարի թռչուն է եւ օր մը պիտի իրեն քոյրիկ կամ ախբերիկ բերէ: Փոքրիկը ուրախացաւ , մայրիկը ժպտաց իսկ արագիլը հասկցաւ թէ շուտով պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ ու նորածին մը շալկած իրենց տուն բերէ....
Այնճարի պարտէզներուն մէջ արագիլներու բոյներ չկան : Այնտեղ ապրող արագիլներ չէք տեսներ բնաւ ... Նորածինները այստեղ ծովէն կուգան , իսկ երբ ճամբաները գոց ըլլան ուղղաթիռը զիրենք տուն կը բերէ , սակայն արագիլներուն հոս ալ կարևոր պարտականութիւն վստահուած է...
Հայրս օր մը երբ պարտէզէն տուն վերադարձաւ, իր հետ վիրաւոր արագիլ մը բերաւ : Ես այն ժամանակ դեռ շատ փոքր էի , հազիւ հինգ կամ վեց տարեկան էի ու թեւէն վիրաւորուած այդ հսկայ թռչունը տեսնելով, վախէս լալու սկսայ: Հայրս զիս հանգստացուց բացատրելով թէ արագիլը եկած է որ զիս Հայաստան տանի: Համոզուեցայ , ձայնս կտրեցի, թռչունին մօտեցայ ու հետը խաղալ փորձեցի, բայց վիրաւոր արագիլը զիս տեսնելով ետ գնաց ու չուզեց հետս խաղալ ...
Արագիլը չուզեց մեր տան մօտ ապրիլ ու երկու օր ետք երբ ան իր վիրաւոր թեւը արդէն թափահարելու սկսաւ, հայրս կրկին զինք պարտէզ տարաւ որպէսզի երթայ իր ընկերներուն միանայ ,յետոյ վերադառնայ ու զիս Հայաստան տանի...
Այնճարը արագիլներու բոյն չէ եղած ու պիտի չդառնայ բնաւ... Այնճարը արագիլներու կայարանն է : Ամէն տարի , վերադարձի իրենց ճամբուն վրայ , արագիլները կուգան ու կ'իջեւանէն Այնճարի պարտէզներուն մէջ որպէսզի հանգստանան ու յաջորդ օրը շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի Հայաստան : Այդ օրը նոյնիսկ որսորդները ակնածանքով ուսերէն վար կ'իջեցնեն որսորդական իրենց հրացանները ու հիացած կը դիտեն արագիլներուն վայրէջքը:
Որսորդներէն մէկը սակայն , տարիներ առաջ անխղճօրէն կրակ բացած էր արագիլներուն վրայ ու անոնցմէ մէկը վիրաւոր մնացած էր Այնճարի պարտէզներուն մէջ , այնպէս ինչպէս ութսուն տարի առաջ եկած ու այնտեղ մնացած էին Մուսա Լերան վիրաւոր արագիլները: Եկած էին որ իրենց վէրքերը բուժեն , թեւերը թափահարեն, յետոյ դէպի Հայաստան իրենց ճամբան շարունակեն...
Շատերը այդ արագիլներէն յետոյ վերադարձան Հայրենիք իսկ շատեր մնացին ու հիմնեցին վիրաւոր արագիլներու կայարանը: Մինչեւ այսօր շատ երկիրներէ վիրաւոր արագիլներ կու գան ու կը թռին այդ կայարանէն ...
Կու գան տարբեր տեղերէ , կու գան Պաղտատէն , Քեսապէն , Հալէպէն ... Կու գան , կը բուժուին ու կը թռին տարբեր ուղղութիւններով ... Իսկ այնտեղ կը մնան կայարանին պահակները ... Կը մնան յամառօրէն , հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն: Կը մնան որպէսզի հսկեն արագիլներուն երթը ...
Կը մնան ու պիտի մնան մինչեւ որ տուն վերադարձնեն բոլոր արագիլները:
Լուսանկարում՝ Այնճարը