Լիբանանում ութ օր է ցույցեր են
Լիբանանի մէջ ընթացք առած բողոքի ցոյցերը արդէն 8-րդ օրն է, որ կը
շարունակուին, մեծ թիւով ցուցարարներ կը հասնին «Նահատակաց հրապարակ»։ Այս մասին հայտնում է arevelk.am-ը:
Ցուցարարները այս առաւօտ մաքրութեան աշխատանքներ իրականացուցած են Պէյրութի
կեդրոնական հրապարակներուն մէջ, ուր երէկ գիշեր հազարաւոր
ցուցարաներ մասնակցած էին բողոքի ցոյցերուն։
Կը նշուի նաեւ, որ այս պահուն ցուցարարներու մեծ թիւեր կը ժամանեն Ժալ Էլ
Տիպի շրջան, որ կը համարուի Մեթնը Պէյրութին կապող գլխաւոր ճանապարհը։
Ըստ նոյն աղբիւրին, ցուցարարները վճռած են շարունակել իրենց բողոքի
գործողութիւնները՝ մինչեւ Սաատ Հարիրիի ու անոր կառավարութեան
հրաժարական տալը։