Քեսաբը սակայն դատարկվում է. Վահե Մահշիկյան
«Արեւելք»-ը հրապարակել է հարցազրույց ՝ քեսաբցի և Դամասկոսում հաստատված Վահե Մահշիկյանի հետ, ում խոսքով ՝ Քեսաբն այսօր դատարկվում է: Հարցազրույցը ՝ ստորև.
-Վերջերս մեկնած էիք Քեսապ. ինչպիսի՞ն էր ընդհանուր մթնոլորտը. ի՞նչ են
ժողովուրդի մտահոգութիւնները:
-Ուրբաթ 25 Հոկտեմբեր, 2019-ին, Քեսապ ժամանեցի՝ իմ 87 տարեկան մօրս փափաքըիրականացնելու համար, որ ուզեց Քեսապ այցելել եւ դրացիներուն տեսնել ու անոնցորպիսութիւնը հարցնել, նաեւ մի քանի օրեր հոն հանգիստ ընելու նպատակով: Ամէնէնշատը, որ յուզեց մեզ ամայութիւնն էր, Քեսապի հին օրերը ալ չկային: Այս անգամապահովութեան լաւ պայմաներով երբ հասանք Քեսապ, հայութիւն չկար, խանութներըփակ էին: Հազիւ մեր տուն մտած, անմիջական դրացի տիկին Կիւլէնը տեսաւ մեր տունմուտք գործելը եւ բարի գալուստի եկաւ: Պատմեց Քեսապի եւ մասնաւորապէս մերթաղի բնակիչներուն մասին: Շատ ցաւալի պատկեր հաղորդեց, որ մեր թաղիբնակիչները չեն մնացած իրենց տուներուն մէջ, միայն քանի մը ծերունի այրի կիներ,որոնց զաւակները արդէն գաղթած են տարբեր ուղղութիւններով՝ Էմիրաթ, ԱՄՆ,Աւստրալիա, Քանատա, Եւրոպա, իսկ վերջերս դէպի Հայաստան, դատարկելով հազարաւոր տարիներու բնօրրան Քեսապը:
-Ինչպէ՞ս էր գիւղին տնտեսական վիճակը, ապահովական մտավախութիւններ
կայի՞ն գիւղին մէջ:
-Քեսապ իր ապահովութիւնը գտած է եւ ոչ մէկ մտավախութիւն կայ վտանգը
կրկնուելու: Բայց գաղթին հիմնական պատճառ,ը ինչպէս միշտ ըսած եմ,
երիտասարդութեան անգործութեան մատնուիլն է եւ ոմանց համար ալ զինուորական
ծառայութենէն խուսափիլը: Ճիշդ է, որ սուրիահայութիւնը մինչեւ հիմա ալ օգնութիւններ
կը ստանայ, բայց դժբախտաբար ոչ ոք Քեսապի եւ քեսապահայութեան մասին կը
մտածէ։
-Վերջերս շատ սկսած ենք լսել, որ այսօր Քեսապի մէջ բնակող
քեսապահայութեան մեծ հատուածը որոշած է հեռանալ Քեսապէն եւ ներգաղթել
Հայաստան: Ճի՞շդ է այդ տեղեկութիւնը:
-Վերջին հինգ տարիներուն, այսինքն Քեսապի ազատագրումէն ետք, Հայաստանի
ճամբան բռնողներուն թիւը կրկնապատկուած է մի քանի անգամով: Այս կը վերագրեմ
Հայաստանի ոչ ճիշդ վերաբերմունքին Քեսապի հայ բնակչութեան նկատմամբ, նաեւ
հայ կուսակցութիւններուն եւ միութիւններուն անտարբերութեան՝ շրջանը դատարկելու
երեւոյթին դիմաց։
-Քեսապցիներու հեռացումը կը վնասէ՞ Քեսապի ապագային: Ի՞նչ
մտահոգութիւններ ունիք այդ առումով:
-Գիտնալով որ Քեսապ 250 քլմ. տարածք ունի եւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ, շատ մեծ
պատմական սխալ պիտի ըլլայ հայաթափութիւնը այս շրջանէն, այսինքն մեր
պատմական հայրենիքէն: Քեսապը վերջին մասունքը կը նկատուի, որ մնացած է մեզի
Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն:
Եղածը դաւադրութիւն է եւ Հայաստանը պէտք է զբաղուի Քեսապի խնդրով։
Եւ այս առումով հարց պիտի տամ. արդեօ՞ք Հայաստանի պետութիւնը համայն
հայութեան համար պէտք չէ մտածէ՞, թէ միակ խնդիրը եւ մտահոգութիւնը ներկայ
Հայաստանի Հանրապետութեան կապուած է։