Հայրս վաճառեց Մոսուլի մեր տունը, որ օգնի հայերին. Մարալ Տապաղեան
Մեծ Ներգաղթի ժամանակ Սփյուռքում դերակատարություն ունեցած հայերի պատմությունները շատ են ու բազմազան: Նրանիցի մեկի՝ Խոսրով Տապաղեանի մասին պատմել է նրա դուրսը՝ ամերիկաբնակ Մարալ Տապաղեանը։ Այս մասին գրում է «Արևելքը»՝ ներկայացնելով պատմությունը.
«Իմ հայրը ունեցած է Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն բաժին ինկած բազում ճակատագրերէն մէկը: Ան՝ Խոսրով Տապաղեանը, ծնած է Տիգրանակերտ՝ 1909-ին, բայց հանգամանքներու բերումով անոր անձնագրին մէջ իբրեւ ծննդեան թուական նշուած է 1912-ը: Ցեղասպանութենէն ետք անոր ընտանիքը նախ գացած է Սուրիոյ Գամիշլի եւ Մարտինի շրջանները, իսկ յետոյ՝ Մոսուլ:
Հօրս հօր անունը Միհրան Տապաղեան էր, Տիգրանակերտի մաքսատան ղեկավարի պաշտօնը կը զբաղցնէր: 1915-ի ապրիլեան ցեղասպանութեան օրերուն օր մը գործի գացած է ու այլեւս անոր չեն տեսած Տիգրանակերտի մէջ… Հայրս, իր մայրը, մօրաքոյրը, վերջինիս ամուսինն ու քոյրը, ուրեմն հաստատուած են Մոսուլ: Հօրս մօրաքոյրը զաւակ չէ ունեցած եւ հօրս որդեգրած է Մոսուլի մէջ, հետեւաբար հայրս ապրած է իր մօրաքրոջ եւ անոր ամուսինին հետ, որոնք Մուսուլի մէջ հիմնած են գինիի առաջին գործարանը:
Յետոյ հօրս ուղարկած են Հալէպ, ուր ուսանած է Հալէպի Ամերիկեան քոլեճը, ստացած է երկրաչափութեան մասնագէտի վկայական: Մոսուլի մէջ ալ հայրս ամուսնացած է մօրս՝ Սիրանոյշ Ամիրեանի հետ: Մօրս մայրն ալ՝ Լուսընթագը, Էրզրում ծնած էր, իսկ մօրական պապս՝ Դանիէլ Ամիրեանը, ծնած է Սղերդ: Մօրական պապս երբ Մոսուլ գացած է, շէնք մը վերցուցած է եւ այն երիտասարդները, որոնք ջարդէն կը փրկուէին եւ Մոսուլ կու գային՝ առանց ծնողներու, որբ, բոլորին այդ շէնքին մէջ տեղ տուած է: Այդտեղ պահած է այդ երիտասարդները, մինչեւ ոտքի կանգնին, տեղ մը հասնին: Դանիէլ պապս հացատուն բացած է Մոսուլի մէջ եւ այդ եկամուտով պահած է այդ որբ հայերը:
Գալով հօրս, ըսեմ, որ ան Մոսուլի մէջ կը դառնայ քաղաքի գլխաւոր երկրաչափը: 1947-ին երբ ներգաղթ կը կազմակերպուի դէպի Հայաստան, հայրս ներգաղթի յանձնախումբի անդամ կ'ըլլայ, շատերուն կ'օգնէ, որ երթան Հայաստան: 35-38 տարեկան էր հայրս այդ ժամանակ եւ ամէն ինչ կ'ընէր, որ դէպի հայրենիք գործը յաջողութեամբ պսակուի: Ան կը վաճառէ նոյնիսկ իր տունը ու կ'օգնէ բոլոր այն ընտանիքներուն, որոնք կը ներգաղթեն Հայաստան:
Ան շատ հայրենասէր, հայաստանասէր էր, Հայաստանի օգնութեան յանձնախումբին մէջ ալ դերակատարում ունեցած է: Երբ փոքր էի՝ կը յիշեմ, ամէն օր անպայման հայկական ռատիօ կը լսէր: Հայրս ոչ միայն սիրահարուած էր Հայաստանին, այլեւ միշտ կը մտածէր, որ եթէ այս օտար երկիրներէն օր մը մեզի դուրս հանեն, մենք տեղ ունինք երթալու: Իսկապէս այդպէս է, եւ այս օրերուն նոյն միտքերը ես կ'ունենամ..
Այսպէս, հայրս ցաւօք սրտի վաճառեց իր տունն ու օգնեց Հայաստան գացողներուն: Ինչու կ'ըսեմ՝ ցաւօք սրտի, որովետեւ երբ հայրս օգնեց հայերուն ներգաղթել, ուրիշ հայեր գացին, առարկեցին, բողոքեցին, ըսին որ այդ մարդը կոմունիստ է, եւ հօրս պաշտօնազուրկ ըրին:
Միւս կողմէն ալ լաւ էր, որ հայրս երկրաչափի գործէն զրկուեցաւ այդ ժամանակ, քանի որ այլ առաջարկութիւններ ստացաւ: Քանի որ ան լաւ անգլերէն կը խօսէր՝ Հալէպի Ամերիկեան Քոլեճը ուսանած ըլլալու շնորհիւ, Գերմանիայէն ու Անգլիայէն շինարարական ընկերութիւններ հօրս լաւ գործեր առաջարկեցին, եւ հայրս այդ գործերուն շնորհիւ հարստացաւ:
Մայրս երբեմն կը պատմէր, որ շատ յուզուած է, նեղուած, որ հօրս գլխաւոր երկրաչափի պաշտօնէն հանած են, բայց փաստօրէն, այդ ամենալաւ բանն էր, որ պատահած էր իրեն: 1958-ին իսլամական մեծ յեղափոխութիւն եղաւ Մոսուլի մէջ. այդ օրերուն, կը պատկերացնէք, քանի մը անձիք մարդ բերին մեր տուն, որ հօրս վնասեն, եւ մենք 1960-ին փոխադրուեցանք Պաղտատ: Հայրս մինչեւ 1966 թուականը Պաղտատի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան շրջանային վարչութեան անդամ էր, իսկ 1970-71-ին՝ Պաղտատի ՀԲԸՄ ատենապետը:
Այդ պաշտօնը անոր վարած տարիներուն շատ հայեր կու գային օգնութիւն խնդրելու՝ հիւանդի բուժման, ամուսնութեան եւ հազարումէկ հարցերով, հայրս միութեան գործերուն մէջ չէր մտցներ այդ խնդրանքները, իր գրպանէն կու տար: Շատ օգնած է: Երբ տուն կու գար, մայրս միշտ հօրս կատակով կ'ըսէր՝ լա՛ւ է, շապիկդ վրադ եկար տուն: Այդպիսի մարդ եղած է իմ հայրը, որ մահացած է 1993-ին: Ես 1969-ին արդէն դուրս եկած էի Իրաքէն, Անգլիա գացած էի՝ դոկտորական ուսումս շարունակելու՝ իմունոլոկիայի (ախտազերծութեան երեւոյթներու ուսումնասիրութիւն) գծով: Յետոյ ես ի հարկէ մօրս բերի Լոս Անճելոս՝ իմ մօտ:
Ես ամբողջ կեանքս կ'ապրիմ հօրս մասին յիշողութիւններով, ան մեծ դեր ունեցած է իմ մասնագիտութեան մէջ, քաջալերեր է, որ ես Իրաքի մէջ իմ չսիրած գործը՝ դեղագործի գործը ձգեմ եւ երթամ ու աւելի բարձր ուսում ստանամ, որովհետեւ ես այդպէս կ'ուզէի: Շատեր կը յիշեն Խոսրով Տապաղեանը, անոր ըրած գործերը, անոր յիշատակը միշտ վառ է»: