Արցախում անհետացած լիբանանահայի քույրը խնդրանքով դիմում է Լիբանանի իշխանություններին
«Արևելքը» գրում է.
«Լիբանանի քաղաքացի ամուսիններ՝ Վիգէն Էլճէքճեան եւ Մարալ Նաճարեան իրենց նախնիներու հողին վրայ անյայտ կորած են: Հեռանալով Լիբանանէն ու տնտեսական տագնապէն եւ վերահաստատուելով Արցախ փորձած են նոր ապագայ մը կերտել:
41-ամեայ Վիգէնը, երկու տարի առաջ հրաժեշտ տալով Պուրճ Համուտին, հաստատուած է նախ Երեւան: Ինք ու իր կինը Մարալը՝ 49 տարեկան, դարձած են Հայաստանի քաղաքացիներ: Վիգէն եղած է վարորդ ապա հիմնած է փոքրիկ ճաշարան մը, սակայն «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով փակած է զայն ու աշխատած քարի գործարանի մէջ: Ամիսներ ետք իրենց միացած են Մարալի նախկին ամուսնութենէն երկու զաւակները, որոնք 4 ամիս ետք վերադարձած են Լիբանան Մարալին հետ: Պէյրութի պայթումի հետեւանքով, Մարալ կրկին մեկնած է Հայաստան այս անգամ քրոջ՝ Անիին հետ:
Վիգէն, Մարալն ու Անին օգտուելով Արցախի նախագահի բնակարան ստանալու առաջարկէն , բոլոր անոնց, որոնք կը բնակին Շուշիի մէջ, կը հաստատուին այնտեղ: Դժբախտաբար Շուշիի կլիման անհանգստութիւն կը պատճառէ քոյրերուն, եւ անոնք կը փոխադրուին Լաչին: Պատերազմը սկսելէն ետք, Վիգէն, որպէս կամաւոր կը մասնակցի պատերազմին: Իսկ քոյրերը կը փոխադրուին՝ Գորիս եւ անկէ Երեւան, ուր իրենց կը միանայ Վիգէնը, պատերազմի դադրեցումէն ետք: Նոյեմբեր 10-ին, Մարալ եւ Վիգէն կը մեկնին Լաչին իրենց իրերը հաւաքելու: Քոյրը կը պատմէ.- «Ես ժամադրութիւն ունէի ատամնաբոյժի մօտ, Մարալը ըսաւ անհոգ եղիր, դուն գնա ժամադրութեանդ, մենք կ'երթանք Լաչին առարկաները բերելու: Ես համաձայնեցայ, որովհետեւ Լաչին ապահով էր, հակառակ Շուշիին, ուր կային Վիգէնի իրերը։ Չեմ գիտեր եթէ գիտէին, որ Շուշին վտանգաւոր էր, կամ ինչ պատահեցաւ»:
Անին շարունակեց.- « Մարալի եւ Վիգէնի կորսուելէն երկու շաբաթ անց, քրոջս դիմատետրի էջէն, հաղորդագրութիւն ստացայ, ուր թուրք մը գրած էր, թէ քոյրս սպաննուած է, ապա խօսքը փոխելով ըսած, թէ ան պատանդ է իրենց մօտ: Ես անմիջապէս տեղեկացուցի Լիբանանի դեսպանատունը:
Դեսպանատունէն քանի մը անգամ զանգեցին, հետաքրքրուելու եթէ որեւէ տեղեկութիւն ունիմ: Կը խնդրեմ Լիբանանեան իշխանութիւններէն միջամտել եւ խօսիլ Ատրպէյճանի մօտ Լիբանանի դեսպանատան հետ քրոջս հարցով: Պիտի չհանգստանամ մինչեւ բացայայտեմ քրոջս ճակատագիրը»:
«Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝ Թ. Գ.
Աղբիւրը՝ annahar.com»։
Հարակից հրապարակումներ`
Լրահոս
Տեսանյութեր
Հայաստանի ու հայ ժողովրդի շահերը պաշտպանող իշխանություն գոյություն չունի. Բագրատ Սրբազան