Վատիկանում Գրիգոր Նարեկացուն նվիրված հիշատակի արարողություն է իրականացվել . Արևելք
«Արևելք»,- պարբերականը գրում է.
«Երէկ Վատիկանի մէջ տեղադրուած Սբ. Գրիգոր Նարեկացիի արձանին մօտ տեղի ունեցած է միջեկեղեցական արարողութիւն՝ նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մէջ Ներկայացուցչութեան եւ Սուրբ Աթոռէն ներս ՀՀ Դեսպանութեան։
Արարողութեան նախագահած է Վատիկանի Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ քարտինալ Լէօնարտո Սանդրի եւ Քրիստոնէական միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ քարտինալ Կուրտ Կոխի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մէջ Ներկայացուցչութենէն։
Նշենք, որ հայ մեծագոյն սուրբի ու աստուածաբանի յիշատակութեան արարողութեան նախագահած Տ. Խաժակ արք. Պարսամեան։ Արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Մխիթարեան Միաբանութեան մեծաւոր եւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր՝ Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան եւ ՀՀ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան մէջ դեսպաններ՝ Կարէն Նազարեան եւ Ծովինար Համբարձումեան»։
Լրահոս
Տեսանյութեր
Ինչո՞ւ հանկարծ ՀՀ իշխանությունները որոշեցին խլել արցախցիների կենսաթոշակային խնայողությունները