Նյու Յորքում իր գործունեությունն է սկսել «Փրկել հայկական հուշարձանները» կազմակերպությունը
Արցախում 2020թ-ի վերջին նախաձեռնած զինված հարձակման արդյունքում Ադրբեջանի հսկողության տակ է անցել շուրջ 1500 հին ու միջնադարյան հայկական մշակութային վայրեր և հուշարձաններ։ Ինչպես տեղեկանում ենք ԱՄՆ Ազգային Առաջնորդարանից, ամերիկահայ գործիչներն ու մասնագետների մի խումբ ստեղծել է «Փրկել հայկական հուշարձանները» (Save Armenian Monuments) նախագիծը, որ պետք է գործի Ազգային Առաջնորդարանի հովանավորությամբ։
««1997-2006ին, Նախիջեւանի շրջանի ամբողջ հայկական ժառանգութիւնը արմատախիլ ընելու ատրպէյճանական նախընթացը հիմք կ՚ընծայէ վախնալու, որ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի հայ միջնադարեան մշակութային ժառանգութիւնը ջնջումի ենթարկուի», նշեց դոկտ. Վըրճինիա Տէյվիս՝ «Փրկել հայկական յուշարձանները» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահը։
«Արցախի բնիկ հայկական ժառանգութեան տեղւոյն վրայ պահպանումը ապահովելու համար, Save Armenian Monuments կապ պիտի հաստատէ շահագրգռուած կողմերու հետ՝ յուշարձաններու ֆիզիքական գոյութիւնը փաստագրելու, գիտակցութիւն ստեղծելու եւ պահպանելու համար, այդ կրօնական վայրերուն մէջ հայոց պաշտամունքի իրաւունքին ի խնդիր փաստարկելու համար, եւ ուխտագնացութիւններով ու այլ կրթական գործիքներով հայ համայնքները, եւ յատկապէս սփիւռքեան երիտասարդութիւնը այս սրբազան վայրերուն մասին դաստիարակելու համար», շարունակեց Տէյվիս։
«Փրկել հայկական յուշարձաններ» նախագիծը ԱՄՆի Արեւելեան թեմի նախաձեռնութիւն մըն է, որուն մաս կը կազմեն պաշտօնատարներ, խորհրդատուներ եւ խորհրդականներ, որոնց շարքին են գործարար ու մարդասէր դոկտ. Տէյվիս, «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, հետազօտող Սիմոն Մաղաքեան (Տէնվըր), փրոֆ. Քրիստինա Մարանճի (Պոսթըն), իրաւաբան Քրիստոֆըր Փառնակեան (Նիւ Եորք), գործարար Րաֆֆի Դանիէլեան (Լոնտոն) եւ կապ ստեղծող անձեր Հայաստանի մէջ։
«Անցեալ տարի, հաճոյքով քննարկած էի դոկտ. Տէյվիսի հետ անոր ստեղծագործական գաղափարները՝ վնասուելու ենթակայ մեր սրբազան քրիստոնէական կոթողները պահպանելու համար», յայտնեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Այսօր աւելի քան երբեք, Արցախի մէջ հայկական սրբազան վայրերու բռնագրաւման ու փճացման լուրերու լոյսին տակ, այս նախաձեռնութիւնը վճռական արժէք ունի՝ հայ ազգի ժառանգութիւնը պահպանելու ապագայ սերունդներու համար։ Ազգային Առաջնորդարանը գոհունակութեամբ կը լծուի Save Armenian Monumentsի այս ազնիւ առաքելութեան», եզրակացուց Սրբազան Հայրը։
Ներկայիս, Save Armenian Monuments չորս ծրագիրներ կը հետապնդէ. 2021ին Արցախի ուխտագնացութեան մը կազմակերպումը, մանկական դաստիարակչական խաղի մը արտադրութիւնը, Արցախի ժառանգութիւնը մանրակրկիտ փաստագրումի ենթարկած՝ Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան հիմնադրամի (RAA) արհեստագիտական թարմացումը, եւ հայոց եկեղեցի յաճախելու իրաւունքը ամրապնդող միջոցներու հետազօտութիւնը։
«Կ՚ողջունենք Save Armenian Monumentsի հիմնադրութիւնը եւ կը գնահատենք անոր գործօն ղեկավար դիրքը՝ Արցախի ժառանգութեան փաստագրումին աջակցելու համար», ըսաւ RAAի համատնօրէնը՝ Րաֆֆի Քորթոշեան։ «Տրուած ըլլաով Արցախի ժառանգութեան դիմագրաւած կոթողական սպառնալիքը, պէտք ունինք բոլոր հայերուն միութեան՝ մեր եկեղեցիներու եւ խաչքարերու պահպանման ի խնդիր պայքարելու համար», շարունակեց Քորթոշեան։ «Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք դոկտ. Վըրճինիա Տէյվիսին՝ Արցախի անցեալի պահպանման իր մնայուն ներգրաւման համար»։
Save Armenian Monuments ներկայիս կը հովանաւորէ RAAի տեսողական արխիւագրումի արդիականացումը։
«Save Armenian Monumentsի ստեղծումը քաջալերական ու ոգեւորիչ է», յայտնեց գործարար Րաֆֆի Դանիէլեան՝ Լոնտոնէն։ «Մեր վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը պէտք ունի, որ բազմաթիւ շահագրգռուած կողմեր փաստագրեն, այժմէական հսկողութիւն կատարեն, հետեւողականօրէն գիտակցին եւ պաշտպանեն զայն, եւ Save Armenian Monuments պատասխանն է՝ այդ պարապը լեցնելու, մեր հազարամեայ անցեալը պահպանելու այս վճռական ջանքին մէջ։ Ուրախ եմ, որ այս գործին մաս կը կազմեմ եւ նախանձախնդիր եմ իմ ներդրումս բերելու՝ մեր յուշարձաններու փրկութեան տարբեր ծրագիրներու», աւելցուց Դանիէլեան։
17 Նոյեմբեր, 2020ին, Ատրպէյճանի հակակշռին տակ իյնալէ օրեր առաջ, տեղի ունեցաւ դոկտ. Տէյվիսի վերջին ուխտագնացութիւնը դէպի Քաշաթաղի հիւսիսային Հակ գիւղի Ս. Մինաս եկեղեցին։ 17րդ դարու այս եկեղեցին վերականգնուած էր 2009ին «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ՝ անոր նուիրատուութեան շնորհիւ։ Ս. Մինաս խմբուած ուխտաւորներու շարքին, ան իր խոհերը բաժնեց ուխտաւորներուն եւ տեղական ու միջազգային լրագրողներու հետ, խոր մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի կողմէ հայ մշակութային ժառանգութեան հնարաւոր սրբապղծման, փճացման եւ անհետացման համար, յար եւ նման Թուրքիոյ կողմէ գործադրուածին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք։ Նիւ Եորք վերադարձին, ան ձեռնարկած էր Save the Monumentsի հիմնադրութեան՝ դոկտ. Գասպարեանի, պրն. Փառնակեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի հետ։
«Հայ պատմական յուշարձանները միայն քարեր չեն։ Անոնք պատմութիւն են, հաւատք ու ինքնութիւն, մեր մշակոյթի հիւսուածքն իսկ, եւ մեր անցեալը, ներկան ու ապագան», դիտել տուաւ Թաֆց համալսարանի հայ արուեստի ու ճարտարապետութեան ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Մարանճի։ «Գիտնականները, անոնց շարքին գլխաւորաբար RAAն, իրենց կեանքը կը նուիրեն այս թանկագին արխիւի կեանքին ու առողջութեան պահպանման։ Այս գործին զօրակցութիւնը հիմնական է՝ հայկական յուշարձաններու պահպանման ու գիտական մեկնաբանութեան համար», աւելցուց ան։
2020ին հիմնուած Save Armenian Monuments LLC՝ Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը վայելող կացմակերպութիւնը, որ տուրքէ զերծ է, կը հետապնդէ սպառնալիքի տակ գտնուող հայ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը, յատկապէս՝ եկեղեցիներ, վանքեր, գերեզմաններ, խաչքարեր եւ այլ սրբավայրեր ու կառոյցներ, որոնք կը գտնուին Արցախի եւ Ատրպէյճանի մէջ։ Անոր այլազան գործունէութեան մաս կը կազմեն վերահսկումն ու կրթութիւնը։ Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Save Armenian Monumentsը կը գործէ հաստատութիւններու եւ անհատներու համագործակցութեամբ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելեցէք www.SaveArmenianMonuments.com կայքէջը»,-ասվում է Առաջնորդարանի կայքում։
Հարակից հրապարակումներ`
- Մայր Աթոռը դատապարտում է Ադրբեջանի կողմից իրականացվող մշակութային եղեռնագործությունը
- ԵԽԽՎ կոչն Ադրբեջանին՝ անհապաղ վերադարձնել գերիներին, պաշտպանել մշակութային ժառանգությունը, սկսել խաղաղ բանակցությունները
Լրահոս
Տեսանյութեր
Արցախի ղեկավարությունը Բաքվում է, որովհետև նրանք առաջնորդել են մեր քաղաքական պայքարը. Բեգլարյան