Երուսաղեմի հայոց պատրիարքությունն իր անհամաձայնությունն է հայտնում Իսրայելի ոստիկանության որոշման վերաբերյալ
Երուսաղեմի հայոց պատրիարքությունը տարածել է հայտարարություն «Լույսի» արարողության վերաբերյալ՝ հավատացյալներին տեղեկացնելով այն սահմանափակումների մասին, որոնք փորձում է պարտադրել Իսրայելի ոստիկանությունը.
«Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը ստիպուած է սոյն յայտարարութիւնը հրապարակել` իր հաւատացեալներուն տեղեկացնելու այն սահմանափակումներու մասին, որոնք Իսրայէլի ոստիկանութիւնը կը փորձէ պարտադրել այս տարի:
Ապրիլ 11-ին, Պատրիարքութեան ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան «Լոյսի» արարողութեան պատասխանատու ոստիկաններուն հետ, որուն ընթացքին վերջիններս տեղեկացուցին, թէ այս տարի պէտք է ընդամէնը 1000 ուխտաւորներու արտօնուի ՝ մասնակցիլ արարողութեան, որոնցմէ միայն 200-ը պէտք է ըլլան հայ: Մեր ներկայացուցիչները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին եղած նոր որոշմանը եւ լքեցին ժողովը:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին բացառիկ իրաւունքներ ունի «Լոյսի» արարողութեան ընթացքին, որոնք արձանագրուած են Ստատուս Քուոյի համաձայնագրին մէջ:
«Լոյսի» արարողութիւնը սկսելու համայ Հայ Եկեղեցւոյ իրաւունքն է բանալ Սուրբ Յարութեան տաճարի դուռը, որուն կը մասնակցին հարիւրաւոր հայ եւ օտար ուխաւորներ՝ ականատես ըլլալու այդ բացառիկ արարողութեան: Ապա Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքը, կրկին հարիւրաւոր ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ, հանդիսաւոր մուտք կը գործէ տաճար, որմէ ետք իր ներկայացուցիչը՝ Երուսաղէմի Յոյն Պատրիարքին հետ կը մտնէ Սուրբ Գերեզման դուրս բերելու Քրիստոսի Յարութիւնը խորհրդանշող «Լոյս-Կրակը»:
Վերոնշեալ իրաւունքները դարեր շարունակ տարբեր իշխանութիւններու եւ տիրակալներու շրջանին իրագործուած են առանց որեւէ սահմանափակման: Ուստի, սոյն յայտարարութեամբ մենք մեր անհամաձայնութիւնը կը յայտնենք Իսրայէլի ոստիկանութեան սահմանափակումներու որոշման դէմ եւ կը պահանջենք, որ այս տարի եւս, նախորդ տարիներու նման, «Լոյսի» արարողութիւնը կատարուի առանց հաւատացեալներու թիւի սահամանփակումներու:
Իսրայէլի կառավարութիւնը միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է ապահովելու կրօնական արարողութիւններու ազատութիւնը եւ կազմակերպելու անոնց անխափան անցկացումը: Մեր պահանջն է, որ ոստիկանութիւնը յարգէ այս յաձնառութիւնը եւ չեղեալ նկատէ սահմանափակումներու վերաբերեալ իր առած որոշումը»։