Իսրայելցիները ներխուժել են «Ալ Աքսա» մզկիթ, ձերբակալումներ իրականացրել
Իսրայէալցի վերաբնակիչներու խումբեր այսօր առաւօտեան ներխուժած են «Ալ-Աքսա» մզկիթ զինուած յատուկ ուժերու պաշտպանութեան ներքոյ:
Այս մասին կգրե «Արեւելք»՝ կարդալով լուրը «Ալ Մայատին» կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Ալ-Աքսա» մզկիթի վարչակազմը պարզաբանած է, որ «տասնեակ հրեայ ծայրայեղականներ ներխուժած են «Ալ-Աքս» մզկիթ, ժամը եօթին, Ալ-Մաղարիպա դուռ»էն», նշելով, որ այդ խումբերը սադրիչ շրջայցեր կատարած են մզկիթի բակերուն մէջ, եւ ետքը դուրս եկած:
Աղբիւրը ընդգծած է, որ «Ալ-Աքսա մզկիթ ներխուժած վերաբնակեցուածներէն շատերը թալմուտեան ծիսական աղօթքներ կը կատարէին մզկիթին մէջ», նշելով, որ իսրայէլեան ուժերը թույլ չէին տար «Ալ-Աքսա» մզկիթի պահակներուն մօտենալ ներխուժողներուն եւ կը ստիպէին անոնց մնալ յատուկ ծառայութիւններու ետին՝ մօտ 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան ուժերը զանգուծային ձերբակալութիւններու արշաւ սկսած են Արեւմտեան ափի շարք մը քաղաքներու մէջ:
Այսօր առաւօտեան իսրայէլեան ուժեր ներխուժած են Ռամալլայի, Բեթղեհէմի, Նապլուսի եւ Խալիլի թաղամասերը, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ փախստականներու ճամբարներ եւ ձերբակալած են տասնեակ երիտասարդներ: Այս բոլորը հակադարձուած էր առճակատումներով եւ ներխուժումը կանխելու փորձերով:
Լրահոս
Տեսանյութեր
Արցախի ղեկավարությունը Բաքվում է, որովհետև նրանք առաջնորդել են մեր քաղաքական պայքարը. Բեգլարյան