Հրատապ ժողով. Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքությունը կանի հնարավորը անվթար պահելու Հայ եկեղեցու և համայնքի շահերը
Երուսաղեմի պատրիարքության դիվանապետ Հայր Աղան Գոգչեանը տարածել է հաղորդագրություն, որտեղ ասված է.
«12 Մայիս, 2023-ին հրատապ հրաւիրուած Տնօրէն ժողովը իր խոր մտահոգութիւնը յայտենց Մայիս 11-ին սոցիալական կայքերու միջոցաւ շրջանառութեան մէջ դրուած, ապա շարք մը Յորդանանեան եւ Պաղեստինեան օրաթերթերու մէջ լոյս տեսած այն լուրի առնչութեամբ, ըստ որու Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութիւնը եւ Պաղեստինեան կառավարութիւնը որոշած են սառեցնել Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք՝ Ամեն․ Տ․ Նուրհան Արք․ Մանուկեանի պատրիարքական ճանաչումը։
Առաւել զարմանալին եւ մտահոգիչն այն է, որ այս լուրը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ «Կովերու պարտէզի» խնդրի հիմնական պատասխանատու Կալուածոց տեսուչ նախկին Պարետ Ծ․ Վարդապետ Երէցեանը պաշտօնէն հեռացնելէ եւ Տնօրէն Ժողովի կողմէ անոր կարգալույծ հռչակելու եւ վանքէն արտաքսելու որոշումէ ետք։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Տնօրէն Ժողովը իրենց կարելին կ’ընեն անվթար պահելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի շահերը»։