Տ․ Նուրհան Արք․ Մանուկյանի պատրիարքական ճանաչման սառեցումը մտահոգիչ է
Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքության դիվանապետ Հայր Աղան Գոգչեանը տեղեկացնում է.
«13 Մայիս, 2023-ին հրաւիրուած արտահերթ Միաբանական ժողովը, որուն կը մասնակցէին Սուրբ Երկրի մէջ ծառայող միաբան հայրերը, իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Մայիս 11-ին հրապարակուած Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութեան եւ Պաղեստինեան կառավարութեան որոշման առնչութեամբ, որով սառեցուած է Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք՝ Ամեն․ Տ․ Նուրհան Արք․ Մանուկեանի պատրիարքական ճանաչումը։
Միաբանական Ժողովը առաւել մտահոգ է եւ անակնկալի եկած այն փաստէն, որ այս որոշումը կը յաջորդէ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքի եւ Տնօրէն Ժողովի երեք կարեւոր եւ վճռական որոշումներու.
1) Պատրիարք Սրբազանը 11 Յունուար, 2023-ին Կալուածոց տեսչութեան պաշտօնէն հեռացուց նախկին Պարետ Ծ․ Վարդապետ Երէցեանը,
2) 6 Մայիս, 2023-ին Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքի նախագահութեամբ գու-մարուած Տնօրէն Ժողովը միաձայն որոշմամբ կարգալոյծ հռչակեց Պարետ Ծ․ Վարդապետ Երէցեանը,
3) 10 Մայիս, 2023-ին անոր արտաքսեց Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքէն:
Կարեւոր է շեշտել, որ Պատրիարք Սրբազանը այս որոշումներն առաւ եւ կամ գործադրեց այն բանէ ետք, երբ համոզուեցաւ, որ կարգ մը հարցերու մէջ Պարետ Ծ․ Վարդապետ Երէցեան չարաչար օգտագործած է անոր վստահութիւնը եւ իրագործած է իր խաբեբայ եւ խարդախ գործընթացը։
Նկատի ունենալով վերոնշեալ բոլոր փաստերը, Միաբանական ժողովը միաձայն կը դիմէ Յորդանանի Հաշիմական Թագաւորութեանը եւ Պաղեստինեան կառա-վարութեանը կոչ ընելով վերանայիլ իրենց որոշումը եւ չեղեալ նկատել այն, որը մեծապէս պիտի նպաստէ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքին՝ առանց խոչընդոտի ապահովելու Պատրիարքութեան եւ հայ համայնքի շահերը»։
Հարակից հրապարակումներ`
Լրահոս
Տեսանյութեր
Թալանում ու թալանում են , խաբելով, ստով ո՞ւմ փորն է կշտանում. Քաղաքացիները՝ թանկացումների մասին