Համակարգված ֆիզիկական հարձակման է եղել Երուսաղեմի Սուրբ Յակոբեան միաբանության անդամների վրա
Երուսաղեմի Սուրբ Յակոբեան միաբանությունը հայտարարություն է տարածել, որում ասվում է․
«ՍՈՅՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈւԹԵՆԷՆ ՄԷԿ ԺԱՄ ԱՌԱՋ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈւԱԾ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈւՄ ԿԱՏԱՐՈւԱԾ Է ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ ՄԻԱԲԱՆՈւԹԵԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈւ, ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐՈւ, ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈւ, ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՆԵՐՈւ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈւ ՎՐԱՅ: ԾԱՆՐ ՎԻՐԱՒՈՐՈւԱԾ ԵՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ, ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐ ՍԱՆԵՐ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ:
Շուրջ 30 եւ աւելի զինուած սադրիչներ դիմակներով, մահաբեր եւ ոչ մահաբեր զենքերով, ինչպէս նաեւ նեարդային համակարգի վրայ ազդող նիւթերով ու կազերով ներխուժած են «Կովերու պարտէզ» եւ սկսած են իրենց դաժան յարձակումը: Դարձեալ կը շեշտենք, որ ծանր վիրաւորում ստացած են քանի մը Վարդապետներ, Ժառանգաւոր սաներ, սակաւագներ եւ Հայ համայնքի անդամներ: ԵՐՈւՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՂ ՍԱԴՐԻՉՆԵՐՈւ ԴԷՄ:
Ասիկա այն յանցաւոր պատասխանն է, որը մենք կը ստանանք Երուսաղէմի Շրջանային դատարան «Կովերու պարտէզ»-ի վերաբերեալ հայց ներկայացնելէ յետոյ, որը պաշտօնապէս դատարանը ստացած է 24 ժամ առաջ: Այսպիսին է աւստրալացի հրեայ գործարար Դանի Ռոթմանի (Ռուբինշթէյն) եւ Ճորճ Ուառվարի (Հադադ) արձագանգը իրաւկական գործընթացներուն:
Հայոց Պատրիարքարանի գոյութիւնը այժմ ֆիզիքական սպառնալիքի իրաղութեան առջեւ է: Եպիսկոպոսները, վարդապետները, սարկաւագները, Ժառանգաւոր սաները եւ Հայ Համայնքը տեղւոյն վրայ կը պայքարին իրենց կեանքի համար: Մենք կոչ կ'ընենք ամբողջ աշխարհի իշխանութիւններուն եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն օգնել՝ փրկելու Հայկական թաղամասը բռնի կործանումէ, որը տեղական աջակցութիւն կը ստանայ անանուն կազմակերպութիւններու կողմէ:
Մենք կոչ կ'ընենք Իսրայէլի կառավարութեան եւ ոստիկանութեան հետաքննութիւն սկսիլ Դանի Ռոթմանի (Ռուբինշթէյն) եւ Ճորճ Ուառվարի (Հադադ) դէմ՝ Հայոց Պատրիարքարանի եւ Հայ համայնքի վրայ անոնց շարունակական յանցաւոր յարձակումներ կազմակերպելու համար, յարձակումներ՝ որոնք կարծէք վերջ չունին:
Իսրայէլը օրէնքի, կարգ ու կանոնի երկիր է, եւ այսօրինակ յանցաւոր պահուածքը անհանդուրժելի է եւ չի կրնար մնալ անպատիժ:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ»։