Պոլսո Հայոց պատրիարքն այցելել է Թուրքիայում հարձակման ենթարկված Կարո Գաբրիելյանին
Պոլսո Պատրիարք Սահակ Բ.-ն անցած օրն այցելել է կղզեբնակ Կարո Գաբրիելյանին, որը իր տան դիմաց հարձակման է ենթարկվել, ինչի հետևանքով ունի մարմնական վնասվածքներ։
«Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ նման արարք մը ցաւ պատճառած էր բոլոր լսողներուն մօտ։ Ինք եւս կը ցաւակցէր եւ փափաքած էր անձամբ այցելել Գաբրիէլեանը իր բնակարանին մէջ։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին Գաբրիէլեան ընտանիքի անդամները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին յուզիչ դէպքին մասին։
Կարօ Գաբրիէլեան վիրաւորուած է քիթէն ու ձեռքէն։ Ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է դէպքի առնչութեամբ։ Անոնք ըսին, որ տեղական ու համայնքային զանազան շրջանակներ կը պախարակեն դէպքը, բան մը որ մխիթարական երեւոյթ էր իրենց համար։
Պատրիարք Հայրը այցելութեան աւարտին արագ ապաքինում մաղթեց Կարօ Գաբրիէլեանին, բժշկութեան աղօթք արտասանեց եւ յայտնեց, որ Պատրիարքական Աթոռն ալ կը զօրակցի Գաբրիէլեան ընտանիքին»,-հայտնում են պատրիարքարանից։
Կղզեաց Քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփոլաթի հետ հանդիպմանը ևս անդրադարձ է եղել Կարրո Գաբրիելյանի դեմ հարձակմանը։
«Քաղաքապետ Փոլաթ նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ համայնքի կղզեբնակ անդամներէն Կարօ Գաբրիէլեանի դէմ եղած յարձաման համար եւ յայտնեց, որ յանցագործներ անպայման պատիժ պիտի ստանան։ Ան յայտնեց նաեւ, որ դէպքին պատահած փողոցին մէջ արդէն իսկ անկանոն երեւոյթներ տեսանելի են եւ քաղաքապետութիւնը նախաձեռնած է զանոք կանոնաւորելու։ Ան, կղզիներէ ներս կատարուած աշխատութեանց մասին եւս տեղեկութիւններ փոխանցեց։
Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար։ Յիշեցուց, որ ինք եւս այցելած է Կարօ Գաբրիէլեանը եւ ցաւակցած՝ իր ընտանիքին։ Մաղթեց որ նման պատահարներ չկրկնուին»,-մանրամասնում են պատրիարքարանից։